Իբրեւ յառաջաբան
Հանդէս մը որ կը ներկայանայ հրապարկին վրայ ստիպուած չէ գիտակցութիւնն ունենալու իր ծնունդի վայրկեանէն իսկ՝ իր սերումին ու ծննդաբանութեան մասնայատկութիւններուն։ Երախտային նման՝ տարիներու ընթացքին է որ պիտի ծնի ան իրապէս իր պատմութեան, վերակազմելով ու վերաստեղծելով զայն, անդրադառնալով տակաւ այն պահանջին որ այն պայմաններուն՝ որոնք կանչած են զայն լոյսին, համարկելով զանոնք հետզհետէ, մինչեւ որ գոյութիւն ունենայ […]