Քաֆքայի Այլակերպումը
Հետաքրքրական կը գտնեմ որ Լազեան Քաֆքայի ժամանակաշրջանին, ընկերային պայմաններուն եւ վայրին յատուկ գերմաներէն բառեր կամ ընդհանուր առմամբ գաղափարներ յաջողած է թարգմանել, ապացուցանելով որ արեւմտահայերէնը որեւէ վիճակի եւ որեւէ նիւթի մասին արտայայտելու համար կրնայ յարմար գործիք ըլլալ, հակառակ որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կովկասեան Հայաստանի մէջ շատերը ճիշդ հակառակը կը քարոզեն: Զոր օրինակ՝ Զամզայի գործատեղը մէկը կը ղրկէ անոր տունը, որովհետեւ անսովոր ուշացած է եւ գործի չէ եկած:
Թատերախաղերու Վերագնահատումը
Անցեալէն հասած մշակութային, գեղարուեստական ու գրական հսկայական ժառանգութիւն կայ, որ վերարժեւորումի կարիքն ունի։ Վերագնահատումի արժանի է թատերական կալուածը որ հաւաքական դիտումի, հաւաքական ապրումի բացառիկ առիթներ կ՚ընծայէ, որոնք ներկայ պայմաններուն մէջ անգնահատելի ծառայութիւն կրնան մատուցել, նկատի առնելով թատրոնի անհատական ստեղծագործութեան ու հաւաքական ստեղծագործութեան առնչութիւնները, նկատի առնելով անոր մարդկային շփումի հասարակական հնչեղութիւնը։
Թողարկելով Անցեալը
Ենթակայական լեզուն միշտ ուշացած է. ուշացած է իրերից, ապրումներից, փորձառութիւնից: Քանզի դրսեւորում է ստանում միայն մինչեւ վերջ չվերապրուած իրողութիւններ մատնանշող լեզուն: Ուրեմն` ընթերցողը կրկնակիօրէն ուշացած է: Հայ ընթերցողը, բացի նշուած պատճառներից, ուշացած է նաեւ ճակատագրականօրէն. մշակոյթի ոլորտում ներկայութիւնը կրող հեղինակները, յաճախ մնալով իրենց կողքն ապրող, բայց դարերով յետ մնացած հեղինակների ստուերում, վերաբացայայտուել են իբրեւ անցեալի «մեծութիւններ»:
Յետ-Խորհրդային Այլախոհութիւն
Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն հատորը՝ աջառինը ըլլալով եռահատորին, ժամանակագրական կարգով կը պատմէ պատանի հասակին անարդար մեղադրանքով աքսորի դատապարտուած ՎազգէնԴարբինեանի կեանքը (պատահական չէ որ Վաչէ Սարգսեանին մօր ազգանունը Դարբինեան է, իսկորդիին անունը՝ Վազգէն)։ Այս շրջանը կը համընկնի Ստալինեան բռնատիրութեան Մեծ Մաքրագործումին յաջորդող շրջանին։