Անցեալէն հասած մշակութային, գեղարուեստական ու գրական հսկայական ժառանգութիւն կայ, որ վերարժեւորումի կարիքն ունի։ Վերագնահատումի արժանի է թատերական կալուածը որ հաւաքական դիտումի, հաւաքական ապրումի բացառիկ առիթներ կ՚ընծայէ, որոնք ներկայ պայմաններուն մէջ անգնահատելի ծառայութիւն կրնան մատուցել, նկատի առնելով թատրոնի անհատական ստեղծագործութեան ու հաւաքական ստեղծագործութեան առնչութիւնները, նկատի առնելով անոր մարդկային շփումի հասարակական հնչեղութիւնը։