Հետաքրքրական կը գտնեմ որ Լազեան Քաֆքայի ժամանակաշրջանին, ընկերային պայմաններուն եւ վայրին յատուկ գերմաներէն բառեր կամ ընդհանուր առմամբ գաղափարներ յաջողած է թարգմանել, ապացուցանելով որ արեւմտահայերէնը որեւէ վիճակի եւ որեւէ նիւթի մասին արտայայտելու համար կրնայ յարմար գործիք ըլլալ, հակառակ որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կովկասեան Հայաստանի մէջ շատերը ճիշդ հակառակը կը քարոզեն: Զոր օրինակ՝ Զամզայի գործատեղը մէկը կը ղրկէ անոր տունը, որովհետեւ անսովոր ուշացած է եւ գործի չէ եկած: