Արեւելեան քաղաքի մը մէջ ապրող պատանի մը, ըլլայ Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր, միշտ կ՚ուզէ ուրիշ քաղաք մը երթալ։ Չեմ գիտեր եթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատանիները նոյն վիճակի մէջն են, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ ծանօթներէ, անոնք ալ միշտ տեղաշարժի մէջ են։ Ձեռքս Բատիկեանի այս երկրորդ գիրքը առնելու ատեն, այնպէս ժամանակի մը մէջ ենք, որ տեղէ տեղ երթալը մէկ կողմէն շատ դժուար է, համաշխարհային համաճարակին պատճառով, միւս կողմէն աւելի ու աւելի մարդիկ կը փորձեն փախուստ տալ Միջին Արեւելքէն։ Առաջինը երիտասարդներն են որ ճամբայ կ՚իյնան բնականաբար։ Այս այսպէս էր հարիւր տարի առաջ, երբ Շահան Շահնուր Պոլիսէն ճամբայ կ՚ելլէր դէպի Փարիզ, այսպէս էր դարամիջին, այսպէս էր տասը տարի առաջ եւ այսպէս է այսօր։ Տեսակ մը ճակատագիր է անշուշտ, մեր սերունդին համար աւելի անխուսափելի քան մեզմէ առաջուաններուն։
Բատիկեանին հերոսը ուսանող մըն է, եկած է Պոլիսէն Փարիզ։ Ֆրանսացի ընկերներ ունի, բոլորը իրենց խնդիրները ունին, իրար հետ ունին տարբեր յարաբերութիւններ։ Վէպին առաջին 80 էջին մէջ կը ծանօթանանք Անտրէին, Մարիին եւ Լիւսիին եւ տեղ մը կայ, որ մենք ալ հեղինակին նման, կը կարծենք թէ այս վէպը անոնց մասին պիտի ըլլայ։
Անշուշտ գիտենք, որ տէփրէսիոն մը կայ, նոյնիսկ բաժինի մը վերնագիրն է։ Կայ նաեւ հեռաւոր մամա մը, որ ծրարներ կը ղրկէ Պոլիսէն, բայց այդքան։ 80 էջ ետք, «Սպասում» բաժնին հետ միասին վէպը շրջադարձ մը կ՚ունենայ եւ կարճ, մէկ էջնոց անձնասպանութեան տեսարանէ մը ետք կը տեղափոխուինք մանկութիւն, երկու բառով ազդանշան մը ստանալով… «Երբոր մանկութենէդ ի վեր…» (էջ 82)։ Ու այս էջին վրայ կը սկսինք աւելի մօտէն ծանօթանալ անցեալի մը։ Կը յայտնուին դպրոցը, դպրոցական օրերը, մանկութեան սէր՝ Մելինէն, Սկիւտարի մեռած կատուները, եւ թերեւս ամէնէն կարեւորը՝ կը ծանօթանանք հոգեվիճակներու, «Ու քանի որ չափազանց զգայուն ու նուրբ հոգի ունիս…» եւ մէկ էջ ետք կ՚իջնենք աւելի խորը ու տող մը կու գայ որ պիտի կազմէ վէպին առանցքը՝ «… ու կ՚որոշես նօռռռռմալ տղայ ըլլալ…»։ (էջ 83)
Մինչ, տակաւին քանի մը էջ առաջ, երբ տակաւին չէինք վերադարձած պատանեկութեան տարիներուն եւ Փարիզի մեր ուսանողին հետ էինք, այս տողերը կարդացած էինք՝ «Պարզապէս յանկարծ կը հասկնաս որ զուարճութիւնը շուտով պիտի վերջանայ, եւ դուն այդպէս ալ չկրցար անոր մաս կազմել։ Եւ քեզի հետ՝ բոլորը։ Կապ չունի՝ ի՛նչ կ՚ընեն։ Պարզապէս զուարճանքը առանձին էր, եւ բոլորը՝ առանձին» (էջ 82)։
Հոս կարեւոր բառեր են «Եւ քեզի հետ՝ բոլորը», ինչ որ կը նշանակէ թէ մեր ուսանողը տակաւին ինքզինք «նոռմալ» կը համարէ, իր առանձնութեամբ բնականաբար նոռմալ է, քանի ինք եւ իր շուրջինները առանձին են, նոյնիսկ տէփրէսիոններու մէջ են։ Եւ այսպէս ծանօթացած էինք Մարիին եւ Անտրէին հետ, իրենց խնդիրներով։ Անոնք իրենց խնդիրները ունին, մեր ուսանողը՝ ի՛ր խնդիրները։ Սակայն արդեօք այս տողերը մեր ուսանողին ինքնախաբէութեան պահե՞րն էին։ Թէ՞ հեղինակը ընթերցողը տակաւին կը փորձէր համոզել, որ այս վէպը Փարիզի մէջ երեկոյթներու մասին է։
Մեծ շրջադարձը որ կը պատահի «Սպասում» բաժինին հետ մեզ կը հասկցնէ, որ այս վէպը ուրիշ տեղեր պիտի երթայ, եւ վերի հատուածին մէջ քանի մը տողերու երկայնքին՝ «պարզապէս» բառին երկու անգամ գործածութիւնը այդքան ալ պարզ պիտի չըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ ուսանողը առանձնութեան մէջ նոյնացած է երեկոյթին մասնակցող միւս ներկաներուն, ինք ի՛նչ գիտէ միւսներուն առանձնութենէն։ Ուսանողին նայուածքով Փարիզի մէջ ամէն մարդ երեկոյթի մը ընթացքին կրնայ պարել եւ ըլլալ առանձին, բայց ի վերջոյ, քանի մը էջ ետք, պիտի իմանանք, որ ասիկա այն տղուն նայուածքն է, որ 14 տարեկանին մեռած կատուներ կը հաւաքէր Սկիւտարի մէջ եւ իր հետ դպրոց կը տանէր։ Նոյն էջերու երկայնքին՝ պիտի հասկնանք, որ մեր ուսանողը անձնասպանութեան փորձ կատարած է 14 տարեկանին եւ նոյնը՝ ներկայիս, Փարիզի մէջ ուսանող եղած ատեն։
Ուրեմն իրականութեան մէջ «Մետաղէ Երազներ» վէպը, թէ՛ իր պարունակութեամբ, թէ՛ իր ձեւով կամ եղանակով, կը փորձէ «նոռմալ» ըլլալ, պարզութիւն մը ունենալ, «պարզապէս»ներով բաւարարուող վիպում մը իրականացնել եւ մինչեւ էջ 80 որոշ չափով կը յաջողի։ Սակայն «սպասում»ին հետ միասին, այսինքն վէպին բուն շրջադարձին հետ միասին, Սկիւտարի մեռած կատուները կը վերակենդանանան եւ մենք վէպին հետ միասին կը մտնենք պղտոր ջուրեր։ Մարդիկ նոռմալ ըլլալ կը փորձեն, այսինքն ուրիշ ըլլալ կը փորձեն, քանի ամէն մէկուն նոռմալը իւրայատուկ է ի վերջոյ։ Կը յաջողինք թէ չենք յաջողիր՝ ուրիշ պատմութիւն է, բայց այս վէպը, նոռմալ կը սկսի, ուրիշ տեղեր կ՚երթայ, կը փորձէ թերեւս ուրիշ մը ըլլալ, ի վերջոյ կը վերածուի վէպի մը, որ ճիշդ այդ փորձին մասին է։
Վէպին 40 էջնոց բունը
Ինչպէս ըսինք, վէպին շրջադարձը կը պատահի գրեթէ մէջտեղը։ Էջ 80-էն 120 երկարող «Սպասում» կոչուած բաժինը, մեզ եւ վէպը կը փոխակերպէ։ Սկիւտարի մեռած կատուներէն զատ, Մելինէն, մաման, մեծ մաման, քոյրիկը եւ Նազարը կու գան։ Նոր տիպարներ, որոնք վէպին ամբողջ երկայնքին պիտի երթան ու գան։ Մինչ «Սպասում»էն առաջ՝ Անտրէն էր, Լիւսին եւ Մարին։
Այս 40 էջերու ընթացքին այլ բան մըն ալ կը պատահի։ Ուսանողը կը բացուի իր սեռային ինքնութեան։ Ընթացք մը, որ այդքան դիւրին եւ պարզ չ՚ըլլար բնականաբար։
– Ուրեմն… ինչ-որ խնդի՞ր ունիս…։
Այո՛, ունի՛մ, քաքէ՛ն խնդիր ունիմ, չէ՞ք տեսներ արդեօք, թէ՞ չտեսնել կը ձեւացնէք, ու աւելի լաւ է սապէս ապրիմ, մինակս, ինքզինքիս հետ ներդաշնակ, ատեն ատեն, երբ շատ ծանր է ամէն բան, բաղնիքին մէջ ածելիով միսերս բզքտելով, ու իսկոյն հանդարտելով՝ խաղաղ կեանքս շարունակեմ»։
«… Մէկը կա՞յ կեանքիդ մէջ…», կը հարցնէ մաման, առնուազն շաբաթը մէկ անգամ, անասնական վախի մը արտայայտութիւնը աչքերուն մէջ»։ (էջ 87-88)
Սակայն հանգոյցները կամաց կամաց կը քակուին, քայլեր կ՚առնէ ուսանողը, հեռակայ յարաբերութեան մը ապահովութիւնը վայելելով, առցանց ծրագիրներ գործածելով, անծանօթներու հետ յարաբերութիւններ կը սկսի եւ ի վերջոյ աւելի լուրջ յարաբերութեան մը կը հասնի։ Կու գայ անխուսափելին եւ այս վերացական յարաբերութիւնը յանկարծ իրականի կը վերածուի, երբ յարաբերութեան երկրորդ ենթական, Ճոնաթանը, կ՚որոշէ գալ Փարիզ։ Եւ ահաւասիկ, կրկին կը յայտնուի Տիր աստուածը։ «Հետաքրքրական է, եթէ հիմա նետուիմ տանիքէն, ետքը կը գիտնա՞յ որ իր պատճառով էր…» (էջ 101)։
Սակայն այս անգամ անձնասպանութիւնը չի գար, ուսանողը չի նետուիր տանիքէն, միայն հեռաձայնն է, որ «գրեթէ իտէալական կոր մը գծելով օդին մէջ, կը սուրայ դէպի գիշեր, պաստառը ցոլացնելով, յետոյ ասֆալթին բախելու ձայնը կը տարածուի միջոցին մէջ ու կ՚անհետի. ո՜հ իմ սէ՜ր, իմ սէ՜ր…»։ Իսկ ուսանողը կը խորտակուի իր տեփրէսիոնին մէջ՝ «Եւ աշխարհը յստակութիւնը կորսնցնելու կը սկսի, ու բոլոր գոյները իրարու կը խառնուին, եւ ձայները կը խլանան…»։ Եւ երբ քանի մը օր ետք, ընկերները գիտցած են անցուդարձը, եւ Անտրէ կ՚ըսէ, որ գիտէ թէ մեր ուսանողը կէյ է, այն ատեն՝
Բառը կու գայ ապտակի պէս։ Առաջին անգամը չէ որ երեսիս կ՚ըսեն ատիկա, բայց առաջին անգամն է որ չեմ կրնար կատակելով նիւթը ուրիշ բանի դարձնել։ Ազնիւ ըլլալու համար խոստովանիմ որ չեմ կարծեր թէ Անտրէն ու Մարին պիտի հրաժարէին ինձմէ, պզտիկ գաղտնիքս գիտնալով, բայց նիւթեր կան, որոնց մասին չես կրնար կոր խօսիլ։ Պարզապէս չե՛ս կրնար, առանց որ փորձես պատճառը հասկնալ։ Ձեր կողմերը շատ վարժ չէք անանկ նիւթի մը մասին խօսելու (էջ 103-104)։
Եւ այս անվերջ պայքարին մէջ, որ կը կոչուի «նոռմալ ըլլալ», ուսանողը նոր պատնէշ մը յաղթահարած կ՚ըլլայ։ Վերջապէս խօսքը այլեւս մէջտեղն է, այլեւս բառերը ըսուած են, եւ նոյնիսկ եթէ այս մասին խօսիլ չկարենալու մասին է, բայց խօսակցութիւնը այլեւս ներկայ է։ Թէ՛ ուսանողին եւ իր ընկերներուն միջեւ եւ թէ՛ մեզի՝ ընթերցողներուս համար։ Այլեւս գիտենք այս մասին ոչ թէ պատմութեան կամ դարձուածքի մը ընդմէջէն, այլ վերնագիրը դրուած, անունը տրուած ըլլալով։
Այս հատուածներէն 20-30 էջ ետք ուսանողը ի վերջոյ կ՚երթայ կէյ-քլապ մը, եւ ալ ամբողջովին կը գոցենք նիւթը – գոնէ հիմակ ու հիմա։ «Ու կ՚ըսես ամբողջ կեանքդ – քանի՜ դարեր – սպասած էիր այդ համբոյրին, ու չորցած շրթունքովդ կը կառչիս այդ համբոյրին, ու վստահ ես՝ անոր հետ աշխարհին վրայ ամէն բան պիտի վերջանայ» (էջ 145)։ Թերեւս հեղինակը ուզած է մեզի ըսել, որ յաղթահարելի է նոյնիսկ միասեռականութիւնը, սակայն այդ միւս գիծը, որ կը կապէ գիրքին բոլոր էջերը իրարու, միւս խնդիրը, կը մնայ անյաղթահարելի։ Եւ իսկապէս, ընթերցողին աւելի քիչ կը տանջէ ուսանողին սեռականութեան պատմութիւնը, գիտնալով, որ ոչ միայն ուսանողին պարագային, այլ ամէնուրեք դժուար ու փշոտ է խնդիրը։ Որքան ալ հեղինակը գործածէ «ձեր կողմերը վարժ չէք» խօսքերը, տակաւին, գիտենք որ որոշ չափով նոռմալ է այս բախումը։ Անդին, ընթերցողին բուն տանջանքը կու գայ միւս գիծէն։
Թէեւ «Սպասում» բաժինին վերջին էջը անձնասպանութեան տեսարան մըն է, սակայն անձնասպանութիւնը չի գար ենթադրեալ ճակատումէ մը ետք, չի գար երբ մեր ուսանողը գիտէ իր միասեռական ըլլալը եւ կը յայտնէ իր մամային, չի գար երբ մաման չ՚ընդունիր զինք որպէս միասեռական, այլ կու գայ երբ մեր ուսանողը կը յանդգնի նոռմալ ըլլալ։ Հանրութեան մէջ կը համբուրուի Ճօնաթանին հետ եւ կը ստիպուի իր մամային սուտ խօսիլ, ըսելով որ կատակ մըն էր, սուտ երթում ընելով։ «Մամ… պէտք չէ… անանկ չէ՛… կատակ էր… պարզապէս Լիւսին ծաղրելու համար համբուրուեցանք…(էջ 117-118)։ Ուսանողին տագնապը չի սկսիր երբ ինք միասեռական կը սկսի ապրիլ, մաման չի յայտնուիր այն ատեն, մաման կը յայտնուի այն պահուն, երբ ինք նոռմալ դառնալու քայլը առած կ՚ըլլայ։
Մենութեան մը պատմութիւնը
«Սպասում» բաժինէն ետք կու գայ համեմատաբար պզտիկ բաժին մը «Մենութիւն» վերնագիրով։ Այստեղ աւելի կ՚երթանք դէպի մանկութեան խորունկները, հոս այլեւս մեռած կատուներ, պատանեկութեան սէր եւ կամ դպրոցական ընկերներու չէ որ կը հանդիպինք, հոս մաման է իր պնակ լուալէն ճաքճքած ձեռքերով, մեծ մաման է եւ մեռած հայրը, անխուսափելի «Հայրը ըլլար նէ ասանկ չէր ըլլար»ներով։
Մենութիւնը ի՞նչ մենութիւն է։ Առանց պապայի ըլլալու արդի՞ւնք, մամային եւ մեծ մամային կողմէ չհասկցուելո՞ւ արդիւնք։ Թէ՞ հիւանդութիւնն է՝ «Մոռցա՞ր տօքթօր Ադամեան ի՛նչ ըսաւ…»։ Չ՚ուշանար պատասխանը՝ «Մենութիւն մը ասանկ կէտէ մը կը սկսի սովորաբար. երբոր մէկէն կ՚անդրադառնաս որ ներկայութիւնդ ձերիններուն համար մշտական յիշեցում է հիւանդութեան մասին, որ յաղթահարելի չէ, եւ մէկու մը մասին, որ չկայ» (էջ 123)։
Եւ յաջորդ էջերը կը բաժնուին վէպէն ու ներկայէն, Փարիզի մասին կարծես երբեք չէր խօսուած, կ՚երթանք Պոլիս, Սամաթիա, պնակ լուալ, հիւանդութիւն, մամա, նէնէ, դպրոցական բախումներ, բոլորը իրար կապուած կը ստեղծեն իրականութիւնը որուն մէջ հասակ նետած է ուսանողը։ Ձեւով մը բացատրութիւններ (արդարացումնե՞ր) անձնասպանութեան փորձերուն, խնդիրներուն, հիւանդութիւններուն եւ… նոռմալ ըլլալ չկարենալուն։
Բաժինին վերջին պարբերութիւնը սակայն կու գայ կապելու անցեալը ներկային։ Պէտք է ըսել՝ որոշ չափով անսպասելի ձեւով։ Հաւասարումով մը մամային եւ իր միջեւ։ Հաաւասարում մը որ պնակ լուալու կերպարանքը ունի, բայց հոս՝ ճակատագրական պահ մըն է։ Հայր մը որ բացակայ է, մեռած է, ալքոլամոլ է, բայց նորէն ալ մեծ ներկայ է, թէեւ չի կրնար հասնիլ պնակ լուացող մամայի մը ազդեցութեան, մամային պնակ լուալէն ճաքճքած ձեռքերուն ազդեցութեան։ Հոս կը հասկնանք որ այլ խնդիր մը, այլ դժգոհութիւն մը կայ, որ բարձրաձայն չի յայտնուիր, կը ներկայացուի որպէս ուսանողական կեանքի պոհեմական հանգամանքը, բայց իրականութեան մէջ շատ խորունկ խնդիր մըն է։ Ձգել Պոլիսը, ազատիլ Արեւելքէն ու գալ Փարիզ, ունենալ նոր ընկերներ, կարենալ յաղթահարել միասեռականութեան պատճառած բարդոյթները, գոնէ չափով մը, եւ սակայն մնալ մամային պէս պնակ լուացող, այսինքն նոյն մամային տղան։ Չկարենալ նոյնիսկ պնակ լուացողի մը չափ նոռմալ ըլլալ։
Եւ անձրեւը կու գայ ու կու գայ, եւ մաման հակած է աղտոտ պնակներու վրայ, եւ հոն պիտի մնայ միշտ, եւ տարիներ ու հազարաւոր քիլոմեթրեր անդին իր տղան հակած է լուացարանի մը վրան, անձնասպանութեան հերթական ձախողած փորձէն երեք շաբաթ ետք, եւ աղտոտ պնակներուն հոսքը չի վերջանար եւ եթէ յանկարծ վերջանայ, ամէն բան կը վերջանայ։ Բայց այս քաղաքներուն մէջ ոչինչ կը վերջանայ, ու հոն էք միշտ, լուացարանին մօտ, աղտոտ պնակներու յաւերժական լերան գլխուն (էջ 132)։
Ոչինչ կը վերջանայ այս քաղաքներուն մէջ, նոռմալը երբեք չի գար, բնականոնը երբէք չի հաստատուիր, եւ ուսանողը չի կրնար դառնալ այն ինչ որ ուզած էր ըլլալ երբ ճամբայ ելած էր քաղաք փոխելու, առանց անդրադառնալու, որ պնակներուն աղտը իր հետ շալկած էր հազարաւոր քիլիոմեթրներ։
Եթէ Փարիզ գալը, ուսանող ըլլալը փախուստ մըն էին այս պնակներէն, փորձ մըն էին հեռանալու մամային ձեռքերէն, ապա նաեւ փախուստ մըն էին անոնց մօտիկութենէն բխած մենութենէն։ Փարիզ գալը փորձ մըն է մինակ չըլլալու, ազատ ըլլալու, մաս կազմելու բանի մը, այլ իրականութեան մը։ Սակայն քաղաքէ մը քաղաք գալը երբեք չէ եղած այդ փրկութիւնը, վայր փոխելը երբեք չէ լուծած ոչ մէկ խնդիր։ Եւ անշուշտ այդ պնակներէն փախուստը լուծում մը պիտի չըլլային Մետաղէ երազներուն մէջ ալ, ու երազները պիտի մնային երազ, աննկուն ու ամուր, մետաղեայ, որ դիւրին դիւրին չեն հալիր ու իրականութեան չեն վերածուիր։ «Փարիզ գալէն առաջ վստահ էիր թէ հոս տարբեր պիտի ըլլար, թէ Պոլսոյ հեղձուցիչ մթնոլորտն էր քեզ խանգարողը։ Բայց խնդիրը երբեք քաղաքներու մէջ չ՚ըլլար։ Խնդիրը քո՛ւ մէջդ է. Մի՛շտ։ Ու հիմա հասած ես նոյն տեղը, ուրկէ փախար. կեցած պատառի մը առջեւ ու պիտի չհամարձակիս դուռը բանալ, քանի գիտես. ըլլաս Պոլիս թէ Փարիզ, միեւնոյնն է, նոյնն ես՝ մռայլ ու տէբրէսիվ, նեարդային ու ձանձրացած, ափաթիք ու յուսահատ» (էջ 140)։
Իրականութեան մէջ վէպը կրնար 10 էջ առաջ վերջացած ըլլալ առանց այս տողերը բարձրաձայն ըսած ըլլալու, ի վերջոյ հասկցուած էր։ Կարեւոր ըսելիքները արդէն ըսուած էին, եւ այս խօսքերը՝ «աղտոտ պնակներու յաւերժական լերան գլխուն» կրնային վերջակէտը ըլլալ։ Սակայն հեղինակը կարիքը զգացած է մէկ քայլ անդին երթալու ու թափանցելու ուսանողին գիտակցութեան մէջ` մէկ խաւ եւս։
Միասեռականութեան բարդոյթը գէշ աղէկ յաղթահարուած էր, մեռած կատուներուն եւ մեռած հօր ուրուականներուն ծանօթացած ենք, հասկցած ենք անոնց պատճառած հիւանդութիւնը։ Նոռմալ ըլլալու պայքարը կքած է աղտոտ պնակներու լերան տակ։ Տակաւին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ արդեօք։ Մէկ խօսք միայն որ ամբողջ վէպին գիծը պիտի կապէ, որպէսզի գիրքին էջերը չփրթին, երկու խօսք, որ վէպին ամենէն վերջին էջին պիտի գան, բայց այդ տողին հասնելու համար 40 էջ եւս պէտք է։
«Փախուստ»
Վէպին վերջին բաժինը կը կոչուի «Փախուստ»։ Միւս բոլոր բաժիններէն աւելի, հոս է որ կ՚երթանք կու գանք Պոլսոյ եւ Փարիզի միջեւ։ Երկու տարածքները եւ ժամանակները այսինքն երկու իրականութիւնները իրար կապուած են աւելի քան երկտողով մը, կամ պարզ գրական անցումով մը, վիպական հնարքով մը։ Երկու իրականութիւնները միաձուլուած են եւ դարձած են մէկ։ Ժամանակը չանցածի պէս է։ Մէկ կողմէն կը տեսնենք ինքնաշարժը, մէջը՝ փարիզցիները, որոնք կ՚երթան Լէյտի Կակայի համերգի մը, սուրալով մայրուղիին վրայ, փորձելով հասնիլ։ Միւս կողմէն Պոլիսն է, առաջին սիրային փորձառութիւնները Մանուկ անունով ընկերոջ հետ։ Ու մի քանի բառ, մեզ կը հասկցնեն այս բաժինին կառոյցը եւ հոգեվիճակը՝ «Օթոյի կիսաբաց պատուհանէն տարիներու մէջէն եկող փսփսուքներ կը հասնին…» (168)։
Ուրեմն ուրկէ ո՞ւր՝ այդ փախուստը։ Կամ, որմէ՞։ Կամ ի՞նչ բանէ։ Թերեւս ուսանողն ալ չի գիտեր, չի գիտեր թերեւս հեղինակն ալ։ Սակայն յստակ է, որ փախուստ մը պէտք է այս վիճակէն, այս անվերջ շրջանէն «քաղաքէ մը ուրիշ քաղաքի միջեւ»։ Եւ որպէս փաստ կու գայ այս երկտողը՝ «Ու կը սուրայ օթօն տակաւին կէս ամայի մայրուղիէն, ու կը թուի երբեք պիտի չվերջանայ սա ճամբան, ճամբան դէպի ոչ մէկ տեղ» (171)։ Այս երկտողէն քանի մը տող վար կը կարդանք՝ «Հո՛ն էք, տե՛ս. Կեցած ճամփեզրին, օթօին կռթնած…» եւ քանի մը տող վար՝ «Ու տեղ մը, հի՜ն, շատ հին քաղաքի մը մէջ, ծուռտիկ փողոցի մը ոլորանին մօտ կծկտած կին մը կեցած է, տե՛ս, ու քեզի կը սպասէ այնքա՜ն տարիներ, պնակ լուալու դեղերէն քայքայուած ձեռքերով, ու հոն պիտի սպասէ, մի՛շտ»։ Այս երկուութիւնն է հարցը, այս է վէպին խնդիրը։ Եւ այս երկուութիւնը պատահելու պահուն, օթօին մէջ, ուսանողը կը քնանայ ու կ՚արթննայ, քունի մէջ է եւ ոչ, տեսածը երազ է եւ ոչ, բայց եթէ նոյնիսկ երազ է, հաւանաբար մետաղեայ է։
Եւ հոս է, որ վերջէն մէկ էջ պակաս, ընթերցողը կը հասկնայ, որ փախուստը ասկէ է, «դէպի ոչ մէկ տեղ»էն, «մետաղէ երազներ»էն, նոռմալ չըլլալէն։ Ու վէպը կը հասնի իր աւարտին, ու վերջին էջին վրայ, կը հասկնանք ինչու հեղինակը տակաւին 40 էջի պէտք ունէր իր վէպը աւարտելու համար, մինչ կարեւոր բաները ըսուած էին արդէն՝ «…ինքզինքդ համոզելով թէ Մարիին ու Անտրէին մասին պիտի պատմես…» (172) Մարիին ու Անտրէին մասին գրուածները նոռմալն են, բայց ի՞նչ կրնայ ընել ուսանողը, եթէ Սկիւտարի կատուները եւ բացակայներկայ հայրը, մամային ձեռքերը մնայուն են, եւ անոնցմէ անկարելի է ազատիլ։ Անկարելի է ուղղակի։ Անկարելի է փախուստ չտալ, անկարելի է իրար հաշտեցնել օթօին կռթնողները եւ հին քաղաքին մէջ սպասողները։ Ճակատագրականն ալ այս է արդէն, չկարենալ հաշտեցնել երկուքը եւ այդպիսով չկարենալ նոռմալ դառնալ։
***
Քանի բացառուելու աստիճան անկարելի է հաւասարումը, ուրեմն նոռմալ ըլլալը կը մնայ անհաս երազ մը բոլորիս համար։ Չենք կրնար հաւասարում գտնել մեր առօրեային եւ մեր ընտանիքին միջեւ, չենք կրնար հաւասարում գտնել մեր եւ մեր մօր կամ հօր քաղաքներուն միջեւ, չենք կրնար հաւասարում գտնել մեր մանկութեան եւ մեր ներկային միջեւ, չենք կրնար հաւասարում գտնել մեր սեռականութեան եւ մեզմէ սպասուած տիպարին միջեւ, մեր ընկերներուն կամ սիրածներուն եւ մեզի թելադրուածին միջեւ, մեր ներքին լեզուին եւ մեր առօրեայ լեզուին միջեւ եւ շարքը անշուշտ անվերջ է։ Ուրեմն ստիպուած կը շարունակենք սաւառնիլ, յոյսը հոս կամ հոն փնտռել, այս քաղաքին կամ այն քաղաքին մէջ։ Պոլիսէն Փարիզ, Հալէպէն Մոնթրէալ։ Միայն մեզի յատուկ չէ անշուշտ այս կորսուած վիճակը, հազարամեակեան ըլլալու հետ ալ կապուած է, բայց մեր պարագային մի քանի փուշ աւելի ունի, ու կը ծակծկէ անվերջ։ Բատիկեանի վէպը կու գայ այս սերունդին ձայնը ըլլալու, կը խօսի բոլոր անոնց հասցէէն, որոնք քաղաքի մը մէջ նստած հաւատացին այլ իրականութեան մը, քայլ առին, գացին, յուսահատեցան, տեսան որ երբեք պիտի չազատին իրենց ուրուականներէն կամ ետին ձգած «համեստ ու աշխատասէր զոյգ մը», ինչպէս Շահան Շահնուր պիտի գրէր։
Ինչպէս դարասկզբին, ինչպէս դարուն կիսուն, ինչպէս ասկէ 10-15 տարի առաջ, այս օր ալ, Միջին Արեւելքի նոր արհաւիրքներուն բերած քամիներով, հարիւրներ ու հազարներ նոյն ճակատագիրը կը սկսին կրել կրկին ու քաղաքէ քաղաք կը տանին իրենց պնակներուն աղտը, թխմուած իրենց պայուսակներուն մէջ։ Ճիշդ է, որ Սփիւռքը երբեք մետաղէ չէ եղած, միշտ հոսած է հոսկէ հոն, հոնկէ հոս, եւ թերեւս ճիշդ այս հոսանքը այն պսպղուն գիծն է, որ կը կապէ քաղաքները իրարու ու կը դառնայ վէպ։