Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
գրախօսական

Այլակերպումը

Հերվէ Ժորժըլէն

Քաֆքայի Այլակերպումը

Դէպի արեւմտահայերէն ո՞վ կը թարգմանէ այսօր: Նոյնիսկ արեւ-մտահայախօս գաղութներուն մէջ արդի ընթերցողները հաւանաբար համաշխարհային գրականութիւնը կը կարդան թէ՛ արաբերէնի, թէ՛ ալ արեւմտեան այս կամ այն լեզուին ընդմէջէն: Արեւմտահայերէնը միայն ամէնօրեայ լեզու մը դարձաւ, շատ շատ՝ զուտ հայկական նիւթերու մասին խորհելու եւ խօսելու յարմար: Կʼուզեմ յիշեցնել որ միշտ այսպէս չէ եղած: Մանաւանդ 0սմանեան կայսերութեան ատեն բայց նաեւ քանի մը տասնա-մեակ կայսերութեան փլուզումէն յետոյ, վերապրողներուն համար, դէպի արեւմտահայերէն կը թարգմանէին յաճախակի եւ լիաբուռն: Բնական էր օտար գրականութիւնները հայ ազգին իր գրուած լեզուով ծանօթացնելը: Նոյնիսկ փափաքելի էր: Աշ-խարհաբարը զարգացնելու միջոց մըն էր թարգմանութիւնը, որ-պէսզի օսմանահայութիւնը կամ իր ժառանգորդները նոր գաղա-փարներ եւ նոր զգացումներ սորվին կամ անոնց հանդէպ դիրք որդեգրեն:

Ահաւասիկ դէպի արեւմտահայերէն նոր թարգմանութիւն մը: Հեղինակը յայտնի եւ բարդ գերմանախօս բայց Փրակացի եւ հրեայ, աշխարհահռչակ Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924) է: Քաֆքայի բնակած միջավայրը անհետացած է: Մի՛ փնտռէք այս-օրուան Չեխիոյ մէջ գերմանախօս հրեաներ: 85 տոկոսը Նացիներուն կողմէ մորթուեցաւ: Շատեր յետոյ երկիրէն արտագաղթեցին: Քաֆքա այս աղէտը չտեսաւ, քանի որ 1924ին թոքախտէն մեռեր էր, մինչ իր ընտանիքը Նացիներու վայրագութեան զոհ գացած է: Գուցէ Արեւմուտքի ամենաբարդ գրողներէն մէկն է: Նախադասութիւնները անվերջ են: Քաֆքայի բառապաշարի ընտրութիւնը յաճախ անսովոր է: Քաֆքայի կեդրոնական նիւթերը արդի անիմաստ աշխարհն է, որուն մէջ անհատը մեծ, պաղ, ըստ երեւոյթին տրամաբանազուրկ կազմակերպութիւններուն դիմաց առանձին կը գտնուի: Իր գրութեանց մէջ երեւակայական տարրեր անձկութիւն կը պատճառեն ընթերցողին քով, եւ թէ՛ անիմաստութեան, թէ՛ անարդարութեան զգացումները կը սաստկացնեն: Կեդրոնական տիպարը առանձին մղձաւանջի նման անյոյս վիճակներու մէջ կը մնայ: Քաֆքայի աշխարհին մէջ փրկիչ չկայ: Փրկութեան պա-տրանքներ կան որոնց միշտ յուսախափութիւններ կը հետեւին: Կը սեպեմ որ հայ, մանաւանդ արեւմտահայ ընթերցող մը իր պատմութիւնը այս պատումին ընթացքին հետ կրնայ բաղդատել եւ նոյնացնել:

Թարգմանուած երկը Այլակերպումն է: Նշանաւոր վիպակ մըն է: Կրեկոր Զամզա օր մը կ՚արթննայ եւ կʼանդրադառնայ որ քունին մէջ այլակերպուեր է: Կամաց կամաց Կրեկոր իր նոր էութիւնը պիտի ընդունի բայց աւելի դժուարաւ է իր նոր վիճակը ընտա-նիքին ընդունիլ տալը: Այս մէկը անկարելի կը դառնայ եւ Կրեկոր կը կորսնցնէ իր ընտանեկան դիրքը, իր գործը եւ եկամուտը, այսինքն իր ընկերային դերը: Իր ընտանիքը աստիճանաբար իրմէ կը գանի եւ ինքն ալ իր սկզբնական ինքնութիւնը կը մոռնայ: Վիպակին իմաստը խիտ եւ այլաբանական է: Առասպելին ետեւը գրութիւնը զանազան հասարակ իրավիճակներ կրնայ ոգեկոչել:

Թարգմանութեան որակը ինծի չ՚իյնար գնահատելը: Ուրիշներու կը ձգեմ: Հետաքրքրական կը գտնեմ որ Լազեան Քաֆքայի ժամանակաշրջանին, ընկերային պայմաններուն եւ վայրին յատուկ գերմաներէն բառեր կամ ընդհանուր առմամբ գաղափարներ յաջողած է թարգմանել, ապացուցանելով որ արեւմտահայերէնը որեւէ վիճակի եւ որեւէ նիւթի մասին արտայայտելու համար կրնայ յարմար գործիք ըլլալ, հակառակ որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կովկասեան Հայաստանի մէջ շատերը ճիշդ հակառակը կը քարոզեն: Զոր օրինակ՝ Զամզայի գործատեղը մէկը կը ղրկէ անոր տունը, որով-հետեւ անսովոր ուշացած է եւ գործի չէ եկած: Մարդը «Proku-rist» է: Բառը ամբողջ կեդրոնական Եւրոպայի արդի տնտե-սութեան դիւանակալութիւնը եւ առանձնայատուկութեանց միջեւ ստորակարգութիւնը կը յիշեցնէ: Թարգմանիչը «վերակացու» բառը ընտրած է գաղափարը թարգմանելու համար: Պէյրութի Հայոց լեզուի նոր բառարանին համաձայն յաջող ընտրութիւն մըն է: Ուրիշ օրինակ մը տամ: Այս մէկը գերմաներէն թարգմա-նելու յատկութիւնը կը լուսաբանէ: «Sich überanstrengen» բայը կը նկարագրէ չափէն աւելի յոգնիլ եւ խելօք սահմանները չճանչնալ: Թարգմանիչը «ուժասպառ ըլլալ»ով կը թարգմանէ: Նորէն բաւական համոզիչ կը թուի ինծի: «Սպառիլ» չափազանցութեան գաղափարը լաւ կը յայտնաբերէ, ու բայական «über» մասնիկը կ՚արտայայտէ: Միայն այս երկու լեզուներուն մտերմաբար գիտցողը կրնայ այսպիսի նրբութեամբ ճիշդ հայերէն եզրը ընտրել:

Թարգմանիչը նախկին սաղիմահայ, հոն՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի սաներէն, Փարիզի երբեմնի Յառաջ թերթի յաճախակի աշխատակից՝ Ենովք Լազեանն է: Հայաստանի Խորհրդային տարիներուն՝ հոն հայկական գրականութիւն ուսանած է: Հիմա Գերմանիա կը բնակի: Իր ապրուստը կը հանէ Գերմանիոյ դպրոցական համակարգին մէջ աշխատելով: Անգլերէն կը դասաւանդէ եւ նորեկ ներգաղթողներուն՝ գերմաներէն գրել-կարդալ կը սորվեցնէ: Օտար լեզուներ կը սորվի, գրականութեամբ կը զբաղի, ջերմ խանդավառութեամբ: Խորհրդային աշխարհին մէջ ծանօթ բանաստեղծ եւ ֆրանսական գրականութեան մասնագէտ՝ Աբրահամ Ալիքեանէն (1928-2013) զգալի կերպով ազդուած է: Մի՛ կարծէք որ անպատրաստ մէկը կրնար այսպիսի երկ մը թարգմանել: Ու ահաւասիկ վճռական հարցում մը կ՚ուրուագծուի իմ աչքիս. այսօր արդեօք տեղ մը կա՞յ աշխարհի երեսին, ուր դէպի արեւմտահայերէն վաղուան թարգմանիչները պատրաստուէին ու վարժեցուէին:
Հատորին վերջին էջին վրայ թարգմանիչը իր նախաձեռնութեան շարժառիթները հակիրճ եւ պարզ ձեւով կը բացատրէ, ցոյց տալով որ գիտակից է անոր հազուագիւտ բնույթին եւ նոյնքան ալ՝ արժէքին: Կը կարծեմ թէ տեղին է թարգմանիչին խօսքերը իբր հուսկ բան հոս մէջբերելը:

«Ներկայ հատորիկը կազմելով ու լոյս ընծայելով մէկ քանի նպատակ հետապնդած եմ:
Նախ՝ տուրքս մատուցանել իմ սիրած հեղինակին:
Ապա՝ սիրցնել զինք հայ ընթերցողին:
Քաֆքայի աշխարհը հպանցիկ նայուածքին իրականութենէն խզուած կը թուի, սակայն աւելի խորունկ ընթերցումը մեր աչքը կը բանայ բուն իրականութեան վրայ, որ մինչ այդ մեզմէ ծածկուած էր:
Թաքուն նպատակ մըն ալ կար ձեռնարկին ետին: Փաստել որ արեւմտահայերէնը կենդանի է:
Վիպակին թարգմանութիւնը տարիներ տեւած է: Կը վարանէի գործը գլուխ բերուած սեպել: Ո՞ր թարգմանիչը չէ անճրկած Քաֆքայի մտքին վէտվիտումներուն դիմաց: Ո՞ր լեզունին շարահիւսութիւնը չէ հեւացած նման մրցակցութենէն»։