Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
գրախօսական

Թատերկաշար

Ժիրայր Չոլաքեան

Թատերախաղերու Վերագնահատումը

Հայկական խաղացանկ կազմելու անհրաժեշտութիւնը

Թատրոնը, գրականութիւնը, արուեստը, մշակութային կեանքը, ոգե­ղէն աշխարհը, բնական պահանջներն են ու արտադրանքներն են մարդ­կային հաւաքականութեան։ Օդի ու ջուրի նման անհրաժեշտ են մարդոց։ Հայաստանի անկախացումով Սփիւռքը իր հոգեւոր, մտա­ւոր, մշակութային կարիքները հոգալու դժուարութեան առջեւ կանգ­նեցաւ։ Մտահոգիչ երեւոյթ է մշակութային տարրին տարուէ տարի նուազու­մը համայնքային կեանքէն ներս։ Հանրային հար­թակէն, բե­մերէն, հա­յերէնի գործածութեան առիթները նուա­զած են։ Թատե­րա­կանը գրե­­թէ վերացած է։ Մշակութային տուները կը բա­ւա­րարուին նուազա­գոյ­նով, հայերէնի լեզուի, երգուպարի դասըն­թացք­ներ կազ­մակեր­պելով։ Քա­ղաքական ճառաբանութիւնը կը տի­րա­պետէ։ Եր­բեմն, պա­տա­հա­կան համերգ մը, դասախօ­սու­թիւն մը վիճակը չեն փրկեր։ Մշա­կու­թային քաղաքականութեան բացա­կա­յութիւնը զգալի է։ Հա­յաս­տա­նա­կեդրոն «Դէպի երկիր» քաղաքա­կանութիւնը Սփիւռ­քէն խլեց տեղա­կան մշա­կոյթի զարգացման ու­ժա­կանութիւնը։ Հա­յաս­­տա­նի զարգա­ցումը, Հա­յաստանի օգնու­թիւնը հանրային քննար­կում­ներու կեդրո­նական հար­ցերը դար­ձան։ Իսկ 44-օրեայ պատե­րազ­մը, պարտութիւնը, մարդ­կա­յին ու հողային  կորուստները երկ­րա­շարժի ազ­դե­ցութիւն ու­նե­ցան։ Քաղաքական մօտեցումին սնանկութիւնը երեւան բերին։ Ինչ­պէ՞ս վերա­հաս­տատել հաւասարա­կշ­ռու­թիւնը։ Զարկ տալով մշա­կու­­­թային կեան­քին, գործի լծելով ստեղ­ծագործ ուժերը։ Հանրային քննար­­­կու­մի ենթարկելով մշակութային կեանքը։ 

Անցեալէն հասած մշակութային, գեղարուեստական ու գրական հսկա­յական ժառանգութիւն կայ, որ վերարժեւորումի կարիքն ունի։ Վերա­գնահատումի արժանի է թատերական կալուածը որ հաւա­քա­կան դի­տու­մի, հաւաքական ապրումի բացառիկ առիթներ կ՚ընծայէ, որոնք ներ­կայ պայմաններուն մէջ անգնահատելի ծառայութիւն կրնան մա­տուցել, նկատի առնելով թատրոնի անհատական ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու հաւաքական ստեղծագործութեան առնչու­թիւն­նե­րը, նկա­տի առնե­լով անոր մարդկային շփումի հասարակական հնչե­ղու­թիւնը։ Հայ­կա­կան թատերագրութեան մէջ կան բացառիկ թաք­նուած գանձեր, որոնք բացայայտման կարիք ունին։ Յայտնի գրող­ներ թա­տերական կա­րեւոր գործեր գրած են որոնք մնացած են մու­թին մէջ։ Կան նաեւ բացառիկ գործեր անծանօթ մնացած հեղի­նակ­ներու կող­մէ։ Ներ­կայիս այս ժառանգութիւնը անուշա­դրու­թեան, մոռա­ցու­­թեան մատ­նուած է։

* * *

Ընդունուած է որ թատրոնը ընկերային ու գեղարուեստական բարդ երեւոյթ է, որ միայն գրական ու գեղարուեստական նկատառում­նե­րով չի սահմանափակուիր. ան կը պարունակէ կարեւոր հասարա­կա­կան բաղադրիչ մը՝ հանդիսատեսը, կը պահանջէ նաեւ կազ­մա­կերպիչ կա­ռոյց։ Լեւոն Շանթ թատերական ներկայացման համար երեք բա­ղա­դրիչ­ներու կ՚ակնարկէ. թատերագիր-թատերա­խաղ, թա­տերա­խումբ, բե­­մա­վարութիւն։ Այս եռեակին վրայ մշակու­թային ներկայ տագ­նա­պալի պայմաններու մէջ եւ Սփիւռքի գոյա­վիճակը նկատի առնելով, պէտք է աւելցնել նաեւ երեք այլ օղակներ, հե­տա­զօտող-թատերական արժէք յայտնաբերողը, բեմադրութեան նիւ­թա­կան բա­ժինը հոգացողը եւ հանդիսատեսը։ 

Առաջինը՝ թատերական արժէքաւոր գործեր յայտնաբերողն է, ինչ որ հետազօտական հսկայական աշխատանք կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ թատերական փորձ ու գիտութիւն։ Նախքան բեմադրուիլը՝ ար­դէն թա­տերական գործի կարողականութիւնը, այժմէականութիւնը գնա­հա­տողն է։ 

Երկրորդը՝ նիւթական կարիքները հոգացող մարմինն է, ներկա­յաց­ման սրահի ծախսերը ապահովող, տոմս վաճառող կառոյցը։ Մշա­կութային ծրա­գիր­նե­րը գանձատրման կարիք ունին։ Թատրոնը՝ նոյն­պէս։ Ընդ­­հան­­րապէս, մշակութային կալուածը միշտ դրա­մա­կան յատ­կա­ցումներու պակասէն կը տառապի։ Որքա՛ն գեղար­ուես­տական գոր­ծեր կան որոնք նիւթական պակասի պատճառով լոյս չեն տեսներ։ Իսկ երբ հարցը կու գայ հաւաքական գեղար­ուես­տա­կան արտա­դրու­թիւն­ներու, խնդիրը աւելի մեծ կարեւորութիւն ու ծաւալ կը ստանայ, որով­հետեւ թատրոնը խմբային ծրա­գիր է, եր­կարաժամկէտ աշխատանք է, ու յաճախ թատերախումբեր տարի մը կ՚աշխատին ներկայացում մը պատրաստելու համար։  

Երրորդ օղակը հասարակութիւնն է։ Առանց հանդիսատեսի չկայ թա­տրոն։ Հանդիսատեսի գոյութիւնը կը պայմանաւորուի բազ­մա­թիւ չափ­որո­շիչներով, սկսեալ նիւթի ընտրութենէն, գեղար­ուես­տա­կան կատարումի եւ կազմակերպչական հարցերէն, մինչեւ որ դառ­նայ հա­ւաքականութեան մը հայելին, շահի գոյատեւելու, բեմա­դրուելու, ներ­կայացուելու իրաւունքը։

Այս առնչութեամբ հետաքրքրական է Յ. Օշականի խօսքը թատե­րա­կան գրականութեան եւ հասարակական, արտա-գրական պարա­գաներու մի­ջամտութեան, յարաբերակցութեան մասին. «Հասա­րակ տեղիք է խօ­սիլ թատերական գրականութեան մը աննահանջ պայ­մա­նէն, որ միջա­մտութիւնն է հասարակութեան։ Խաղ մը հասա­րա­կու­թեամբ միայն կ՚ապ­րի։ Չեմ կրկներ ինչ որ ըսեր եմ առաջները։ Օշա­կան, իր վէպին ու քննադատական գործին համար ինքնիրեն կրնար արտօնել օրէնք­նե­րը, իր զարտուղի ախորժակները։ Բայց բեմին առ­ջեւ կը մնայ զինա­թափ։ Ուրե՞մն։ Այսինքն՝ ո՞ւր գտնել հաշտութեան եզրը տաղանդին ու արտատաղանդ ստիպողու­թիւն­նե­րուն, բեմ, հա­սա­րակութիւն, խաղար­կու­թիւն, նիւթ, լեզու»1։ 

Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել ժամանակի ընթացքին մշա­կու­թային քաղաքականութեան մը ձեւաւորումը։ Յարատեւու­թեամբ, տա­րի­ներու երկայնքին բոլոր բեմադրուած խաղերէն խա­ղացանկ մը կը սկսի կազմաւորուիլ, մինչեւ որ ամբողջական իմաս­տով թատրոն դառ­նայ։

Ամփոփելով վերոնշեալ կէտերը, ներկայ տագնապալի շրջանին, ինք­նատիպ թատերական մշակոյթի բացակայութեան պայմաններու մէջ կարեւոր է թատերագիրը, առանց որու անհատական աշխա­տան­քին ոչինչ կը սկսի, բայց նոյնքան կարեւոր է թատերախաղին ար­ժէքը հե­տազօտող-գնահատողի ներկայութիւնը։ Ի՛նքն է, որ կը յայտ­­նա­բերէ ար­ժէքները ու առիթը կը ստեղծէ որ ուրիշներ ան­դրա­դառնան, գնա­հատեն, ընդունին եւ աշխատին հանրութեան ներ­կայացման համար։

***

Ընդհանրապէս՝ տնտեսապէս հարուստ, զարգացած եւ մշակու­թա­սէր հասարակութիւն ունեցող պետութիւններուն մենաշնորհն է կազ­­մաւո­րեալ թատրոն ունենալը, ազգային նկարագրով խաղա­ցանկ մը ստեղ­ծելու ատակ, նախկինները յաճախակի վերընթեր­ցումի ենթար­կելու կա­րող, այժմէականացնող, եւ նոր ստեղծա­գոր­ծութիւններուն բեմա­դրուե­լու առիթ ընծայող։ ԺԹ. դարու կէ­սե­րէն սկսեալ, հե­ղի­նակային թատրոնը մուտք գործած է հայկա­կան իրականութեան մէջ, մաս­նա­ւո­րապէս Պոլսոյ, Թիֆլիսի մէջ, երբ գրաւոր թատերախաղեր սկսան բե­մադրուիլ։ Աւելի քան մէկ ու կէս դարու թատերական ժա­ռանգութիւն ունենալով, հայութեան առջեւ կը ծառանայ ազգային դիմագիծ ունե­ցող թատերական խա­ղացանկ մը կազմելու խնդիրը։ Միջազգային թատ­րոնի փորձը կը թելադրէ որ հայ թատրոնի գոր­ծիչ­ները եւս, նոր ընկալումով, վերընթերցեն հայ թատերագրական ժա­ռանգութիւնը, կազմելու հա­մար իրական նկա­րագիրով օժտուած եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ու հա­մա­հայկական հար­ցեր արծարծող արդի թա­տրոնը։ Այլապէս ան պի­տի մնայ թերատ, ռու­սականի, եւրոպականի կապկումի մա­կար­դակին։

­Սփիւռքի մէջ քիչեր յանդգնած են հայկական թատերական ժառան­գութիւնը ուսումնասիրել, հետազօտել, թատերագիտութիւնը զար­գա­ցնել, թատերախաղեր հրատարակել, բեմադիրներուն եւ թատե­րական գործիչներուն մոռցուած խաղերը եւ անոնց հետ՝ նոր խա­ղեր տրա­մա­դրելի դարձ­նելու նպատակով։ Թատրոնը մնացած է լքուած ու ան­տեսուած կալ­ուածը գրականագիտութեան եւ գեղար­ուես­տին։ Նոյն­­իսկ Հայաս­տա­նի պետական թատրոնները հայկա­կան թատե­րա­կան խա­ղացանկ մը չեն հաստատած, որուն մէջ ընդ­գրկուած ըլլային հայ հասարակական կեանքը պատկերող, հայ­կա­կան զանազան հա­մայնք­ներու հարցերը, հո­գեբանական իրավի­ճակ­­նե­րը, ապրումները, բար­դոյթ­ները արծար­ծող, ոճային տարբեր ճա­շակ­ներ արտայայտող, հա­յերէն լեզուի երկու ճիւղերն ու բար­բառները ընդունող, տար­­բեր ժա­մա­նա­կա­շրջաններու իւրա­յա­տուկ հարցերը ներկա­յաց­նող։ Նոյնիսկ եթէ թատե­րա­գիր­ները քիչ չեն եղած եւ թատերա­գրա­կան ժա­ռանգու­թիւնը՝ ստուար։ Սակայն թա­տերա­գի­տութիւնը եւ թատրոնը մնացած են անտէր։  

Վերոնշեալ հարցադրումները թատրոնի եւ շարժարուեստի բե­մա­դիր Արբի Յովհաննիսեանի տարիներու մտասեւեռման առարկան հան­դիսացած են։ Անոր հետազօտութիւններուն արդիւնքն են հայ թա­տե­րա­գիր­ներուն անտեսուած թատերախաղերը մէկտեղող երկու եռա­հա­տոր շարքերու հրատարակութիւնը։ Առաջին շարքը կը կրէ Մէկ Արար ընդհանուր վերնագիրը2, ու կ՚ընդգրկէ մէկ արարնոց թատե­րա­խա­ղեր, թիւով քա­ռասուն, նախաեղեռնեան, միջպատերազ­մեան շրջան­­ներուն եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք գրուած. անտեսուած, մոռացութեան մատնուած կամ անյայտ թա­տե­րախաղեր, որոնք ունին բեմի վրայ ներկայացուելու բոլոր ար­­ժա­նիքները։ Երկ­րորդ շարքը, Թատերկաշար վերնագիրով3, բազ­մա­րար ծաւալուն խա­ղերու փունջ մը կը ներկայացնէ, ուր ներ­առ­նուած են նորէն բազ­մաթիւ անծանօթ կամ հայ բեմադիրներու ուշա­դրու­թեան չարժա­նա­ցած խա­ղեր, որոնք ունին ընդգծուած թա­տե­րական դիմա­գիծ, ար­ծար­ծած են հայ հասարակութիւնը յուզող հարցեր, տար­բեր ժամա­նակներու եւ վայ­րերու մէջ։ Ներառնուած են առանց լեզուա­կան խտրականութեան, երկճիւղ հայերէնով, յար­գելով հեղի­նակ­ներու լեզուական իւրայատ­կու­թիւնները։ Անոնցմէ իւրա­­քան­չիւրը արժանի է հայ­կա­կան բեմերու վրայ բարձրացուելու, մաս կազմելով հայ­կական խաղացանկի մը։

Կարեւոր է ընդգծել հետեւեալ խնդիրը, որուն յաճախակի անդրա­դար­ձած է Ա. Յովհաննիսեան. աւելի դիւրին է վերստին բեմադրել թատե­րախաղ մը, որ արդէն բեմադրուած է, դիտուած է, հասա­րա­կութեան կողմէ ընդունուած է, քան թէ նոր անյայտ գործ մը բե­մա­դրելու աշ­խա­տանքին լծուիլ, որուն պէտք է նոր մարմին տալ, պատ­կերացնել, մեկնաբանել, որուն համար բեմական լուծումներ պէտք է գտնել հե­ղինակին խօսքը արտայայտելու միտումով, լու­ծումներ որոնք կրնան անյաջող դուրս գալ, հասարակութեան կողմէ չըն­կալ­ուիլ, մեր­ժուիլ։ Նոյնն է պարագան օտար լեզուներով թա­տե­րա­խա­ղերու բեմա­դրու­թեան, երբ հայ բեմադիրները դիտելով զա­նոնք այլ եր­կիրներու մէջ՝ կը դիմեն անոնց վերարտադրութեան հայ­կական բե­մին վրայ։ Այս երե­ւոյթը ինքնին չի քաջալերեր որ հայ թատե­րա­գիր­ներու ստեղ­ծա­գործու­թիւն­նե­րը արժեւորուին, ոչ ալ ինք­նու­րոյն թա­տրոն ստեղծելուն կը նպաստէ։ Այս կապակ­ցութեամբ կ՚արժէ մէջ­բե­րել 1920-ական թուա­­կան­ներուն անկախ Հայաստանի առաջին պե­տա­կան թատրոնի հիմ­նադիրներէն՝ Օվի Սեւումեանի4 խօս­քը թատերական նոր խաղա­ցանկ ստեղծելու ան­հրաժեշտութեան մասին. 

Ամէն ջանք ու գործ պէտք է դնել հայ հեղինակները գործի հրա­ւի­րելու հայ խաղացանկ ստեղծելու համար։

Ատոր համար հարկաւոր չէ ի հարկէ, ամէն անփորձ հեղինակի փորձ­նական գործերը բեմ հանել։ Թատրոնը փորձատեղի (լապորա­թուառ) չէ։ Ան չի սիրեր որ իր գլխուն վրայ փորձեր կատարեն։ Ան կը պահանջէ աւարտած և գեղարուեստօրէն վերարտադրելու ըն­դունակ մշակուած դերասաններ։

Ի՞նչ ընենք, ի՞նչպէս ընենք որ հայ հեղինակը, կամ աւելի ճիշտ է ըսել, սկսնակ հայ թատերագիրը անտուն, անօճախ չմնայ, որ ան ալ արտայա՛յտուելու և քննադատուելու վայր մը ունենայ, որուն չգո­յութենէն համոզուած եմ, քիչ շնորհալի ընդունակ ուժեր չէ որ են­թակայ են թառամելու՝ տակաւին չծաղկած։

Ստեղծենք օճախ մը մեր սկսնակ թատերագիրներու և սկսնակ դերասաններուն համար։

Ես կը կարծեմ թէ ամէնէն նպատակայարմար միջոցը այն կ՚ըլլայ, որ հայ թատրոնն ունենայ իր Տրամաթիքական Արուեստանոցը (սթու­տիա)։

Ահա այդ արուեստանոցի մէջ, թէ խմբի սկսնակ դերասանները, թէ աշխատակից անդամները և զիրենք բեմին նուիրել ցանկացողները բեմի ուսուցչին՝ սթուտիայի ռէժիսէօրին ղեկավարութեամբ պիտի վարժուին տրամաթիքականբեմական արուեստի մէջ։

Այստեղ պիտի կարդացուին, վերլուծութեան պիտի ենթարկուին և խաղացուին հեղինակներու այն յուսատու պիէսները, զորս մեծ բե­մե­րու վրայ ներկայացնել դեռ վաղաժամ կը համարուի։ 5

Հայ թատերագիրներու գործերուն բեմական կեանքէն զրկուիլը հայ մշակոյթի ողբերգութիւններէն մէկն է։ Աղէտի արդիւնք, որմէ ծնաւ երկփեղկուած հայութիւնը՝ Սովետական Հայաստան – Սփիւռք, որուն նոյն­իսկ վերանկախացած Հայաստանը չկրցաւ վէրքերը բու­ժել։ Քա­ղաքական մտքի անկարողութեան, մտաւորականութեան դասին կող­­մէ հայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ մտածելու ատակ չըլլա­լուն, այլ ախորժակներով տարուելուն պատճառով։ Տեղին է մէջ­բե­րել Կ. Զարեանի խօսքերը Յակոբ Օշականի ուղղուած իր նա­մակին մէջ.

Արդի մտաւորական սերունդի առջև մի սոսկալի խնդիր է դրուած. Կամ ստեղծագործել, ի յայտ բերել ազգային արժէքներով հա­մակ­ուած անհատականութիւն կամ մեռնիլ ազգի ֆիզիքական ոչնչա­ցումին աւելցնելով հոգեկան ոչնչացումը…։ Գաղութային մտայ­նու­թիւնը մեզ համար մա՛հ եղած է որովհետև նա մասնաւորուած է, և մասնաւորի մէջ ամբողջութիւնը չէ տեսած։6

***

Դարասկիզբին, թատերական կեանքը կազմա­կեր­պե­լու Օվի Սեւու­մեանին ծրագիրը եւ ազգային նկարագրով թատրոն ստեղծելու այս առողջ մտայնութիւնը շուտով սակայն այլասերեցան բոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան կաշկանդումներուն պատճառով։ Թէեւ սո­վե­­տական շրջանին ու այդ դպրոցէն ներկայ անկախ Հայաստանի ժա­մա­նակաշրջանը հասած՝ եղած են ու կան անուանի թատե­րա­գէտներ, ակա­դե­միկոսներ, հետազօտողներ, պետական թատրոն­ներ։ Եղած են ան­ուա­նի բեմադիրներ ու դերասաններ, որոնք սնած են 20-րդ դարու սկիզբի ռուսական թատրոնի եւ արուեստի յեղա­փոխական նորու­թիւններէն։ Այդ թատրոնին եւ արուեստին մէջ՝ կա­րեւոր ներ­կա­յու­թիւն ունեցած են նաեւ հայազգի արուեստագէտներ, ինչպէս Տան­չեն­կո, Վախթանկով, Պալիէֆ…, որոնց կարգին նաեւ՝ Սեւումեանի նման գործիչներ. սակայն այդ ծրագիրը չէ իրա­կանացած։ 

Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին, նոյնիսկ Պոլսէն հայ թա­տրո­նի գոր­ծիչներ հաստատուած են Երեւան ու մասնակցած են ան­կախ Հա­յաստանի պետթատրոնի ստեղծումին, ինչպէս՝ Հրաչեայ Ներսի­սեան, Մկրտիչ Ջանան, Վահրամ Փափազեան…։ Սակայն տա­րիներու ընթաց­քին սովետական դպրոցը, ինքն իր վրայ փակուելով, ստեղծեց սովե­տա­կան իրապաշտութեան դպրոցը ու կտրուեցաւ ազատ ստեղ­ծագոր­ծելու հնարաւորութենէն, ազատ աշխարհի թա­տ­րոն­ներուն հետ շփում­նե­րէն, դադրեցաւ անոնց հետ ներգործութիւն ունե­նալէ։ Սովե­տական Հայաստանն ալ ենթարկուեցաւ նոյն ճա­կա­տագրին, մերժե­լով նախա­սո­վետական օրերու ու Սփիւռքի հա­մայնք­ներու կազ­մա­ւորման շրջա­նի հայ թատերագիրներու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, նաեւ հայ թատրոնն ու թատերագիտութիւնը կենդանի պահող հեղի­նակ­ները, ինչպէս՝ Շանթ, Օշական, Թլկա­տինցի…։ Սփիւռքի հան­դէպ համայ­նավար գաղափա­րա­խօ­սական կարծրա­տի­պերով վար­ուե­ցաւ։ Նոյն երե­ւոյթին մաս կը կազմեն հայերէնի ուղ­ղա­գրութեան փո­­փո­խու­թեան փորձանքը եւ արեւ­­մտահայերէնի գոր­ծա­ծութեան դէմ ար­գելք­ները։ Հետեւաբար Սփիւռ­քի թատերա­գի­տական աղբիւրները, մա­նաւանդ ձեռագիր վի­ճա­կով անձ­նական ար­խիւներու կամ զանա­զան հանդէսներու մէջ հրա­տա­րա­կուած խա­ղերը, անհասանելի մնա­ցած կամ անտեսուած են սո­վետական շր­ջա­նի Հայաստանի գիտ­նա­կան­նե­րուն եւ հետա­զօ­տող­նե­րուն կողմէ։ Հայ հեղի­նակ­նե­րու հան­դէպ ան­տարբերութիւնը կամ քա­ղա­քական չա­փանիշներով անոնց ան­տե­սու­մը բացայայտ խտրական քա­ղա­քա­կա­նութեան ար­դիւնք է։ Նոյն­­իսկ Սունդուկեանի ու Պարոնեա­նի պա­րա­գային, վերաբերումը կը մնայ քաղաքական եւ ոչ մշակու­թա­յին. թէեւ անոնք Երեւանի կեդ­րոնը իրենց անունին նուիրուած պե­տա­կան թա­տրոններ ունին, այս­ու­հան­դերձ իրենց անունը կրող թա­տրոն­ներու բե­մերուն վրայ չէ ցու­ցա­դրուած այդ հեղինակներուն թա­տե­րա­կան գոր­ծերու ամ­բող­ջու­թիւ­նը, ո՛չ սովետական շրջանին, ո՛չ ալ ան­կա­խու­թեան օրե­րուն։ 

Իրապէս հարց է. ինչո՞ւ ազգային մայր թատրոնին տալ «Սուն­դու­կեան» անուանումը։ Ի՞նչ տրամաբանութենէ մեկնած։ Նոյնն է պա­րա­գան «Յակոբ Պարոնեան»ի։ Բազմաթիւ արժանի թատերա­գիր­­ներ կան, որոնց անունը կարելի է դնել թատրոններու ճակա­տին։  Բայց անուն­ներ առանձնացնելով, տիտղոսներ տալով չէ՛ որ թատե­րա­կան կեանքը կը զարգանայ։ Սովետական Հայաստանը գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան նպա­տակներով գրաքննեց հայ թատերագիր­նե­րու գոր­ծերը, իսկ անկախ Հայաստանը՝ շուկայական տրամա­դրու­թենէ մղուած եւ ճա­նա­չողու­թեան բացակայութենէ։ Արդիակա­նու­թեան մա­կերեսային ըն­կալումէ։ Օտար հեղինակներ բեմադրեց արդիական երեւնալու հա­մար, առանց օտարն ու ազգայինը հաւասարակշռուած ձեւով հա­մա­կար­­գելու, հա­մադրելու. օրուան քաղաքական, ընկերային ու մշա­կու­թային պա­հանջ­ները միայն նկատի ունեցաւ, առանց խա­ղա­ցանկ կազ­մելու մտա­դրութեան։

Հայ թատերագիրներու գործե­րուն բեմական փորձառութեսն մեր­ժումը հայկական թատրոնի գործիչներուն կողմէ մշակութային ինք­նա­­ժխտումի երեւոյթ է։ Եւ դժբախտաբար այս է վիճակուածը հայ թա­­տե­րագրութեան, հայկական թատրոնի գործիչներուն իսկ կողմէ։ Բա­ցի մի քանի ճանչցուած թատերագիրներու գործերէն, հայկական բե­մա­կան խաղացանկը աղքատիկ պատկեր մը կը ցուցադրէ եւ դժբախ­­տաբար այս է համոզումը հայ բեմադիրներուն մեծամաս­նութեան։ Եւ այս­պէս է որ բազմաթիւ բեմադիրներ կ՚արդարացնեն օտար հեղի­նակներ բեմադրելու իրենց որոշումը։

Այս առնչութեամբ տեղին է նշել Հայաստանի Մշակոյթի նախա­րարի տեղակալ Անելկա Գրիգորեանի նախաձեռնութիւնը, որ 1996-ին Երե­ւան հրաւիրեց Արբի Յովհաննիսեանը, թատերական խաղա­ցանկի մշակ­­­ման ծրագիր մը ներկայացնելու համար։  Ա. Յովհան­նի­սեան ու­սում­նասիրելով զանազան երկիրներու թատերական խաղացանկ կազմելու միջազգային փորձը, Հայաստանի բեմերուն համար ամ­բողջական ծրա­գիր մը մշակեց, ուր նկատի առնուած էին մէկ կողմէ՝ հայկական դասական խաղացանկի բաժինը, միւս կողմէ՝ միջազ­գա­յին խաղա­ցան­կէն նշանակալի խաղերու բաժինը։ Եւ ասոնց կող­­­քին կար նոր ժա­մանակակից հեղինակներ բեմադրելու համար փոր­ձա­ռական թատրո­նի հիմնադրման անհրաժեշտու­թիւնը։ Երե­քը միաս­նա­բար իբրեւ հայ­կական բեմի զարգացման հնարա­ւորու­թիւն։ 

Սակայն այս շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնն ալ դժբախ­տա­բար ան­հետեւանք մնաց, ինչպէս այս մակարդակի զանազան այլ նա­խա­­ձեռ­նու­թիւններ, որոնց հետապնդումը կը պահանջէ հեռանկար, համո­զում, կամք եւ նիւթական միջոցներ։

* * *

Սփիւռքի թատերագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր հայկական թա­տերագիտական կալուածը պէտք ունի Օվի Սեւումեանի գիտակ­ցութեամբ նոր թատրոն, նոր ժամանակներու յարմար խաղացանկ կազմելու աշխատանքին։ Պէտք ունի նոյն մտահոգութեամբ թատե­րա­խումբ կազմելու, դերասաններ պատրաստելու։

Այս դիտանկիւնէն Արբի Յովհաննիսեանի ներդրումը մեծ է։ Թէ՛ իբրեւ բեմադիր, թէ՛ իբրեւ հետազօտող։ Անոր մասնագիտական հե­տա­քրքրասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ տարիներու բեմադիրի ու շար­ժադիրի փորձառութիւնը, հետազօտելու, ուսումնասիրելու անոր ջա­նասիրութիւնը, զինք մղած են նոր խաղեր, անծանօթ խաղեր, թե­րա­գնահատուած խաղեր յայտնաբերելու։ Հայկական թատերագի­տու­թիւնը ճոխացուցած է նաեւ միջազգային թատրոնի փորձով, նո­րարար գործիչներու հետ գործակցութեան փորձով։ Բախտա­ւո­րու­թիւնը ունե­ցած է Ի. դարու երկրորդ կէսի միջազգային թա­տրոնի մե­ծագոյն բեմադիրներու ներկայացումներուն հանդիսա­տես ըլ­լա­լու։ Երկար է շարքը միջազգային թատրոնի նորարար գոր­ծիչ­ներուն, որոնց հետ գործակցած է, ինչպէս՝ Կրոթովսկի, Պրուք, Ուիլսոն…։ Ու­սում­նա­սի­րած է կարեւոր բեմադրութիւններու ազ­դե­ցութիւնն ու հե­տեւանք­ները մշակութային ու ընկերային կեանքին մէջ։ Ինչ որ անոր հե­տա­զօտութիւններուն կու տայ նաեւ կիրա­ռական փորձագէտի մը ըմբռ­նումի առաւելութիւնը, թատե­րա­խաղի բեմադրական արժա­նիք­ները գնահատելու գիտութիւնը։ Այս բոլո­րը անգնահատելի ու ան­հրաժեշտ փորձառութիւն եւ պաշար են, երբ խօսքը հայ թատրոնին համար բո­վանդակալից ու ամբողջական խա­ղացանկ մը կազմելու մասին է։ Այս նպատակով ալ տարած է հսկայական աշխատանք։

1980-էն ի վեր Փարիզ հասատուելով եւ երիտասարդ համա­լսա­րա­նա­կաններու հետ Հայ Թատրոնի ընկերակցութիւնը հիմնելով, Ար­բի Յով­հաննիսեան հետեւողականօրէն հաւաքած եւ ուսում­նա­սիրած է հա­յերէն հազարաւոր թատերախաղեր, որոնցմէ շուրջ 130 հատը թա­տերական ընթերցումներու եղանակով հրամցուած է փա­րի­զա­հայ հա­սարակութեան 1996-էն սկսեալ մինչեւ պսակաձեւ ժահրին յայտ­նուիլը 2020ին։ Այս բացառիկ երեւոյթը տակաւին ըստ արժան­ւոյն չէ գնա­հատուած, մասամբ թերեւս Արբի Յովհան­նիսեանի պա­հանջ­կոտ, բծ­ախնդիր ու խիստ նկարագրին պատ­ճա­ռով, այնպէս որ Սփիւռքի մշա­կութային սիրողական պայման­ներուն մէջ՝ զինք դժուա­րահաճ ու շատ սկզբունքային կը դատեն։ 

Կ՚արժէ նաեւ նշել որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ Արբի Յով­հան­­նի­սեան կը նկատուի պարսկական արդի թատրոնի ու շար­ժ­արուեստի նորա­րար արուեստագէտներէն մին, որուն գեղար­ուես­տա­կան աշ­խա­տանք­ները դարձած են պարսիկ թատերագէտներու հետազօ­տու­թեան առար­կան7։ Տարիներու երկայնքին թատրոնին եւ շար­ժար­ուեստին նուիրուած անոր ուսումնասիրութիւնները լոյս տե­սած են «Յառաջ,  Միտք եւ Արուեստ»ի մէջ։

* * *

Արդի ժամանակներուն լսատեսողական միջոցները այնքան մեծ տա­րածում գտած ու հանրային դաշտը գրաւած են, որ հարց կը ծագի. արդեօք տեղ մնացա՞ծ է թատրոնին, թատերական կենդանի ներկա­յա­ցումին, ուր դերասաններ բեմ կ՚ելլեն հանդիսատեսին առջեւ եւ թա­տերախաղ մը կը ներկայացնեն։ Պէտք է ըսել որ թերեւս ալ թա­տրոնը կը մնայ այն բացառիկ պատսպարաններէն մէկը, հաւասա­րակշռելու համար ընկերային կեանքին ու յարա­բե­րու­թիւններուն մէջ հետզհետէ անշրջանցելի ներկայութիւն դարձող պաս­տառն ու համացանցը։ 

Թատրոնին իւրայատկութիւնն է կենդանի խաղարկութիւնը հանդի­սատեսին դիմաց։ Ի. դարուն ի յայտ եկան բազմաթիւ գիւտեր, որոնք ձեւափոխեցին ընկերութեան առօրեային մէջ կարգ մը սովո­րու­թիւն­ները, ինչպէս՝ ձայնասփիւռը, շարժանկարը, համակարգիչը, հե­ռա­խօսը. հիմա կարգը համացանցի գերիշխանութեանն է. սա­կայն այս բո­լոր գիւտերը չկրցան վերացնել մարդկային ան­մի­ջական հաղոր­դակ­ցութեան կարիքը։ Թատրոնը կը մնայ արխայիկ, կը պատկանի տար­րական մարդկային շփումի ոլորտին։ Այս ալ իր կարեւոր յատ­կա­նիշերէն մէկն է։

Թատերական ներկայացումները կարեւոր են ի միջի այլոց՝ բեմէն հա­յերէն լեզուն բեմ հանելու, հանրային հարթակէն հնչեցնելու առու­մով։ Երեւոյթ մը, որ Սփիւռքի մէջ նուազելու վրայ է։ Թա­տրոնը ունի նաեւ բազմաթիւ կրթական արժա­նիքներ։ Անոր կի­րար­կումը դպրոց­նե­րէն ներս օգտակար է. իբր դե­րակատար՝ մանուկը լեզուին մարմին կու տայ, տիպար կը ստեղծէ, տիպարի լեզուով կը հաղոր­դակցի բեմին վրայ, ինչ որ հայերէնի տիրապետումին ու գոր­ծա­ծութեան բացառիկ նոր առիթ­ներ կը ստեղ­ծէ, իսկ իբր ունկնդրող՝ նոր որակի հայերէնի հետ հանդիպումի առիթ կ՚ըն­ծա­յէ։

  1. Յակոբ Օշական, Համապատկեր արեւմտահայ գրականու­թեան, 10-րդ հատոր, Պէյրութ, 1982, էջ 263։
  2. «Մէկ արար։ Հայկական թատերկաշար»։ Հրատարակութիւն՝ Հայ թատրոնի ըն­կե­րակցութիւն, Փարիզ, 2003։
  3. «Թատերկաշար։ Տանսերկու իւրօրինակ թատերկներ»։ Հայ թա­տրո­նի ընկե­րակ­ցու­թիւն, Փարիզ, 2019։
  4. Սեւումեան, Օվի (Յովհաննէս, 1878-1920)։ Ծնած՝ Ագուլիս։ Բե­մադիր, դերա­սան, արեւելեան Հայաստանի, Թիֆլիսի ու Պոլսոյ մէջ։ Բազ­մա­թիւ յօդուածներ ստորագրած է, որոնց գլխաւոր նիւթն է հայ թա­տե­ր­ար­ուես­տի ինքնուրոյն ուղիի մը փնտռտուքը։
  5. «Հայ Թատրոնին վերածնունդին համար»,  Նաւասարդ Ա. Տարեգիրք , կազմեցին Դանիէլ Վարուժան եւ Յ. Ճ. Սիրունի, 1914, Կ. Պոլիս,  էջ 277։
  6. Բարձրավանք, Բ. տետրակ, Պոլիս, 1922, էջ 66։
  7. Տես օրինակ պարսկերէն՝ Lashkari Majid, Teatr va Sinamaye Arby Ovanessian – Az Varāye Gofteh-hā, Nevesteh-hā va Aks-hā Արբի Յովհան­նիսեանի Թատրոնը եւ շարժարուեստը։ Գրուածքներու, խօսակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ պատկերներու ընդմէ­ջէն, Թեհրան, Rowzaneh Publica­tions, 2014, որուն անգլերէն համառօտ տար­բե­րակը լոյս տեսաւ Երեւան 2021ին։