1980էն մինչեւ 2005, ԿԱՄ, Հանդէս վերլուծական անունով պարբերական հրատարակութիւնը, Մարկ Նշանեանի խմբագրութեամբ, ընդամէնը վեց համար ունեցած էր (Պէյրութ, Փարիզ, Պոսթոն, Լոս Անճելըս)։ 2019ին ճամբայ ելաւ վերստին, այս անգամ՝ Դաւիթ Մոսինեանի գործակցութեամբ, ցամաքամաս փոխելով, ու Երեւան փոխադրուելով։ Այս նոր շրջանին՝ չորս թիւ լոյս տեսաւ, ուրեմն 7րդէն մինչեւ 10րդը։ Մակդիրը թեթեւ մը փոխուած էր։ Կը կոչուէր հիմա՝ «Հանդէս վերլուծական եւ քննադատական»։ Նպատակը լոյս տեսած գիրքերուն շուրջ աւելի մեծ թիւով գրախօսականներ հրամցնել էր, առանց սակայն հեռանալու սկզբնական ծրագիրէն, որ էր՝ իմացական աշխարհին վրայ պատուհան մը բաց պահել, եւ վերջին հաշուով՝ աշխարհի երեսին ծաւալող իմացական շարժումներուն հետ երկխօսութեան մը հնարաւորութիւնը ստեղծել։ Այդ նպատակին եւ այդ ծրագիրին համաձայն՝ ԿԱՄը սկիզբէն ուզած է ի միջի այլոց՝ թարգմանական տարրալուծարան մը հանդիսանալ եւ թարգմանութեան շուրջ մտածողական աշխատանք մը զարգացնել։ Օտարութեան մէջ թարգմանելու կարելիութեան եւ անկարելիութեան սահմանները փորձարկելու եւ փորձընկալելու ձեւ մըն էր։ Միակ ձեւը, ի դէպ, լեզուն փորձընկալելու որպէս վերապրող։
Սոյն կայքէջին վրայ զետեղուած պիտի ըլլան ԿԱՄի առաջին շրջանի վեց միաւորները, իրենց լման բովանդակութեամբ, հրամցուած համար առ համար, որպէսզի յարգուի պարբերականութիւնը։ Բայց նիւթերը մատչելի պիտի ըլլան նաեւ առանձին, իրենց դասակարգին համաձայն դասաւորուած(“Անմիջական գրականութիւն”, “Ուսումնասիրութիւններ”, “Թարգմանութիւններ”, “Գրախօսականներ”)։
Իսկ երկրորդ շրջանի (2020-22 թուականներուն՝ Երեւան լոյս տեսած չորս թիւերուն) միայնգրախօսականներու բաժինը մատչելի դարձուած է առ այժմ։ Բայց այդ բաժինը պիտի ընդլայնուի հետզհետէ։ Այս ձեւով ԿԱՄը, որպէս հանդէս վերլուծական եւ քննադատական, պիտի շարունակէ իր կեանքը, նոր տուեալներու եւ նոր աշխարհին յարմարելով։